wikilang.hywԱմսուան ՅօդուածըԵոհաննէս Լեփսիուս, գերմանացի հասարակական գործիչ, հոգեւորական, արեւելագէտ, մարդասէր, որ կը փորձէր կանխել Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Եոհաննէս Լեփսիուս ծնած է 1858-ին, գերմանական Փոթստամ (Potsdam) քաղաքին մէջ՝ բողոքական հոգեւորականի մը ընտանիքին մէջ։ Նշանաւոր եգիպտագէտ Քառլ Ռիչըրտ Լեփսիուսի եւ անոր կնոջ՝ Էլիզապէթին կրտսեր որդին էր։ Մայրը նշանաւոր գրող եւ գրավաճառ Ֆրետերիք Նիկոլայի ծոռն էր։ Վերջինս ԺԸ. դարակիսուն Պերլինեան լուսաւորութեան առանցքային դերակատարներէն մէկ էր։ Երկրորդական դպրոցը աւարտելէ ետք, Լեփսիուս կը մեկնի Էրլանկեն՝ աստուածաբանութիւն ուսանելու։ Առաջին կիսամեակը աւարտելէ ետք՝ ան կը լքէ համալսարանն ու քաղաքը, կը տեղափոխուի Միւնիխ ուր կ'ուսանի թուաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, 1880-ին կը ստանայ դոկտորի կոչում․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.